2013-03-29 10:11:33

Աւագ Հինգշաբթի. «Լսենք Քրիստոսի Սիրոյ Պատգամը Եւ Սիրենք Զիրար` Սէրը Դարձնելով Մեր Կեանքին Առանցքը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս


Հինգշաբթի, 28 մարտ 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, ապա Կարգ ապաշխարողաց եւ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ` Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան եւ հաղորդուեցան:
Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Մայր տաճարին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կատարեց Ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ղենջակ կապած, Յիսուսի տասներկու աշակերտները խորհրդանշող տասներկու դպրեվանեցիներու, սարկաւագներու եւ վարդապետներու ոտքերը լուալէ ետք, տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Սէրը քրիստոնէական կեանքին էութիւնը կը կազմէ: Սա սովորական հաստատում մը չէ եւ ոչ ալ սոսկ բնորոշումը քրիստոնէական կրօնին: Ան աւելին է. չմոռնանք, որ Աստուած իր էութեամբ ու ստեղծագործութեամբ սէր է, սէրը Աստուծոյ ստորոգելիներէն մէկը չէ. Աստուծոյ գոյութեան եւ ինքնարտայայտութեան, այլ խօսքով` յայտնութեան մեկնակէտը եւ նպատակակէտը սէրն է: Չմոռնանք, որ մարդուն նկատմամբ ունեցած սէրէն մղուած, Աստուած իր Որդին ղրկեց աշխարհ: Միշտ չմոռնանք, որ Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին աստուածային նո՛յն սէրէն մղուած իր արիւնը թափեց մարդուն համար: Հետեւաբար, քրիստոնէութեան էութիւնը սէր ըլլալով, նաեւ անոր պատգամը սէր է»: Անդրադառնալով Ոտնլուայի արարողութեան` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ոտնլուայի արարողութիւնը այդ պատգամին շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկն է: Աստուած այնքան սիրեց մարդը, նոյնիսկ խոնարհեցաւ մարդուն առջեւ, անոր ոտքերը լուաց, մեղքերը սրբեց եւ դէպի փրկութիւն առաջնորդեց: Հետեւաբար, լսենք Քրիստոսի սիրոյ պատգամը եւ սիրենք զիրար` սէրը դարձնելով մեր կեանքին առանցքը»:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ ուշ գիշեր մայրավանքը խճողուած էր հաւատացեալ բազմութեամբ եւ յատկապէս հայ երիտասարդներով, որոնք ներկայ գտնուեցան «Լացի գիշեր»-ուան խորհրդաւոր արարողութեան: Խաչելութեան կարգի ընթացքին քարոզեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ հաւատացեալներուն փրկագործական խորհուրդին մասին խօսեցաւ:
Վեհափառ հայրապետին «Պահպանեա՛» աղօթքով ու Կենաց փայտի օրհնութեամբ ուշ գիշերին հաւատացեալներ մեկնեցան մայրավանքէն` Աւագ հինգշաբթիի խորհուրդով վերանորոգուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.